-
FROM HOMENETMEN’S HISTORY
The Armenian General Athletic Union and Scouts known as HOMENETMEN, is a non-profit organization which was founded over 85 years ago in Constantinople by Shavarsh Krisian, Hovhannes Hintlian, and Krikor Hagopian.
Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք արժանապատիւ հայորդիներ պատրաստելու նպատակով 1918-ի Նոյեմբեր 16-ին եօթ հայ երիտասարդներ Պոլսոյ մէջ կը գումարեն ժողով եւ կþորոշեն համախմբել բոլոր մարզական խումբերը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն եւ Սկաուտներ անուան տակ իրականացնելով Եղեռնի նահատակ Շաւարշ Քրիսեանի եւ իր գաղափարակից ընկերներուն նպատակը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիր ժողովին կը մասնակցէին Գրիգոր Յակոբեան, Տիգրան Խոյեան, Լեւոն Յակոբեան, Քառլօ Շահինեան, Հայկ Ճիզմէճեան, Վահրամ Փափազեան եւ Ժիրայր Խորասանճեան, իսկ Յակոբ Սիրունի կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին Ծրագիր-Կանոնագրի խմբագրման աշխատանքները: Հիմնադիր անդամներէն կը կազմուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին Վարչութիւնը, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, որպէս հայ մարզական միակ կազմակերպութիւն, 1918-ի Դեկտեմբեր 16-ին կը վաւերացուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ:
Featured Stories


