Athletics and Scouting Activities for Armenian Youth

Homenetmen of Greater Boston

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոսթոնի Մասնաճիւղի Ծնունդը

(Հոկտեմբեր 17, 1973)

1970 թուին, Պոսթոնի (Համազգային) հայ մշակութային միութեան մէջ գործող անդամներէն խումբ մը մարզասէր երիտասարդներ, միութեան շրջանակներէն ներս ստեղծուած ժրաջան ու աշխոյժ մթնոլորտին համակիր տարրին մօտ թողած դրական ազդեցութիւնէն քաջալերուած, եւ որպէսզի կարենան բաւարարել թէ՛ գաղութի մարզիկ երիտասարդութեան պահանջքները եւ թէ՛ ներկայացնել գաղութը ոտնագնդակի նահանգային մրցաշարքերուն, կ'որոշեն հիմնել ոտնագնդակի խումբ մը զոր կ'անուանեն «Տը Արմէնզ» (The Armens): Համեստ արդիւնքներով սկիզբ առած ոտնագնդակի այս խումբը, երեք տարուան կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի բարելաւել իր արդիւնքները եւ կը սկսի զբաղեցնել պատուաբեր տեղ նահանգային Massachusetts Soccer League-ի մրցաշարքի աղիւսակին վրայ, գրաւելով գաղութի մարզասէր հասարակութեան համակրանքն ու գուրգուրանքը:

Խանդավառուած «Տը Արմէնզ» խումբի յաջողութիւններէն եւ խումբի շուրջ ստեղծուած վարակիչ եւ հետզհետէ աճող հետաքրքրութենէն, գաղութի երէց Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայրներն ու քոյրերը (որոնք իրենց երիտասարդութիւնը անցուցած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերուն մէջ նախքան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջան իրենց տեղափոխումը) համախորհուրդ՝ կը ծրագրեն հիմնել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղ, ոտնագնդակի «Տը Արմէնզ» խումբը ունենալով կորիզ, որպէսզի աւելի ամուր հիմերու վրայ կառուցուած ըլլան յետագայ բոլոր աշխատանքները եւ գաղութը մաս կարենայ կազմել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին: Յատուկ խորհրդակցական ժողովի մը թուական կ'որոշուի Հոկտեմբեր 17, 1973-ը եւ այդ ժողովին ներկայ գտնուելու հրաւէր կ'ուղարկուի գաղութի անդամներուն ինչպէս նաեւ, Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, որ ներկայացուցիչ մը ուղարկէ պատմական այս միջոցառման(1): Խորհրդակցական ժողովը կը գումարուի Հոկտեմբեր 17, 1973-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ ներկայութեամբ «Տը Արմէնզ» խումբի անդամներուն եւ համակիր հոծ բազմութեան: Ներկայ կþըլլայ նաեւ Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Յովհաննէս Շահինեան ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքէն ժամանած Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բյուրոյի նախկին անդամ՝ ընկ. Երուանդ Խաթանասեան եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տ. Թորգոմ Աւգ. Քհնյ. Յակոբեան: Խորհրդակցական այս ժողովը կը ստանայ հիմնադիր ժողովի կարգավիճակ երբ ներկաները միաձայն կ'որոշեն հիմնել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոսթոնի մասնաճիւղը: «Տը Արմէնզ» խումբի կողմէ եղբ. Մարսէլ Գարեան, հակիրճ ձեւով կ'անդրադառնայ խումբի նախորդ երեք տարուան ընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն որմէ ետք, օրուան բանախօս եղբ. Գէորգ Տօնապետեան կու տայ հակիրճ բայց յախուռն պատգամ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան եւ նպատակներու մասին եզրակացնելով՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին տակ մենք բոլորս կ'եղբայրանանք, զիրար կը կոչենք եղբայրներ, կ'ըլլանք իրարու աջակից, միասնական ճիգերով կը բարձրանանք ու կը բարձրացնենք: Ահա թէ ինչու, Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր-ը մեր նշանաբանն է»:

Իր խօսքի աւարտին, եղբ. Տօնապետեան բեմ կը հրաւիրէ Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Յովհաննէս Շահինեանը, որ իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն կ'ըսէ.- «Այս իրիկուն ձեր մէջ գտնուելու համար մեծապէս երջանիկ կը զգամ ինքզինքս: Դուք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքէն ներս մուտք գործելու ձեր որոշումով, գեղեցիկ շարժումի մը սկիզբը դրած կ'ըլլաք այս շրջանին մէջ: Իմ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով կը վաւերացնեմ ձեր գոյութիւնը իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ. «Արմէնզ»-ի եւ հազարաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեզի մեր մեծ ընտանիքէն ներս: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սփիւռքահայութեան յոյսն է»:

Փակման խօսքով հանդէս կու գայ Առաջնորդ՝ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, որ վեր կ'առնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազգակերտ դերը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ եւ կը շնորհաւորէ ներկաները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին անդամակցելու իրենց խիզախ որոշումին համար:

Ապա՝ հիմնադիր ժողովին բոլոր ներկաները անխտիր, կը խօստանան նեցուկ կանգնիլ Հ.Մ.Ը.Մ. Պոսթոնի նորաստեղծ մասնաճիւղին եւ սատարել անոր ապագայ աշխատանքներուն:

Ահա այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոսթոնի մասնաճիւղը կը սկսի իր անսասան երթը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Մեծ Ընտանիքի պատմութեան մէջ:

(1) Ծանօթ: 1973 թուականին Հ.Մ.Ը.Մ. տակաւին չէր ունեցած համա-գաղութային կարգավիճակ, կառոյց եւ Կեդրոնական Վարչութիւն: Աշխարհասփիւռ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան կը հետեւէր Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը: Մէկ տարի վերջ, Դեկտեմբեր 11-13, 1974-ին Պէյրութի մէջ գումարուած Պատգամաւորական Ա. Ընդհանուր Ժողովին, հիմը կը դրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համա-գաղութային կառոյցին:

© Homenetmen Boston
Powered by Wild Apricot Membership Software